Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Կիրակի, 28 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 40-րդ տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ «Շիլոհ» ճամբարին մէջ (Հիուիթ, Նիւ Ճըրզի)։ Այս տարի, լսարանը ունի 13-18 տարեկան 35 երկսեռ աշակերտներ Միացեալ Նահանգերու եւ Գանատայի 9 ծուխերէ։ Լսարանը կեդրոնացած է երեք նպատակներու վրայ՝ քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ կազմաւորում, մարզական խաղեր եւ աղօթք ու պաշտամունք։

Բացման օրը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն Անթիլիասի մայրավանքէն։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց մեր երիտասարդութեան քրիստոնէական կազմաւորման կարեւորութիւնը, աշակերտներուն յիշեցնելով, որ, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաճախ յիշեցուցած է, երիտասարդութիւնը ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ ապագան, այլեւ ներկան։

Լսարանը վերջ պիտի գտնէ Կիրակի, 5 Յուլիսին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։

Նկարները գաղափար մը կու տան լսարանի բազմակողմանի ծրագրին մասին, որուն մաս կը կազմեն դասեր, Ս. Գիրքի սերտողութիւններ, քննարկումներ, աղօթքներ ու խորհրդածութիւններ, ինչպէս եւ մարզական խաղեր ու ժամանցային պահեր։

Առաջին օր

Երկրորդ օր

Երրորդ օր