
News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ ՅԱՆՁՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

2026-ի մրցանակակիրները «Եդուարդ Պօյաճեան« միջնակարգ դպրոցի տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողաց հետ

2026-ի շրջանաւարտներ: Ձախէն աջ՝ Մանուէլ Յովսէփեան, Անի Գասպարեան եւ Մխիթար Մարգարեան
Հինգշաբթի, 2 Յուլիսին, Երեւան այցելութեան ընթացքին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց «Եդուարդ Պօյաճեան» հիմնական դպրոցը, ուր մրցանակներ յանձնեց հայագիտական առարկաներու երեք լաւագոյն աշակերտներուն եւ լաւագոյն դաստիարակին։ Դպրոցը 1994-ին վերանուանուած է սփիւռքահայ գրագէտ Եդուարդ Պօյաճեանի (1915-1966) անունով եւ կը գտնուի անոր ընտանիքի հովանաւորութեան տակ՝ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հաստատուած «Հրայր եւ Մարգարիտ Պօյաճեան» հիմնադրամի միջոցով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ պրն. Տիգրան Գալստեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի՝ տիկ. Գոհար Զաքարեանին, ու դպրոցի ուսուցչական կազմին, եւ իրազեկ դարձաւ դպրոցի կրթական առօրեային։

2024 եւ 2025 թուականներու մրցանակակիրներուն հետ
Սրբազան Հայրը յանձնեց Պօյաճեան ընտանիքի տրամադրած մրցանակները հայագիտական նիւթերու լաւագոյն աշակերտներուն՝ Մանուէլ Յովսէփեան, Անի Գասպարեան եւ Մխիթար Մարգարեան, եւ լաւագոյն դաստիարակին՝ տիկ. Գայանէ Դանիէլեանին։ Առաջին հերթին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի նախանձախնդրութիւնը հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ։ Խօսքը ուղղելով մրցանակակիրներուն, մաղթեց որ այս մրցանակները խթան հանդիսանան, որպէսզի հետագային արժանի ըլլան աւելի բարձր պարգեւներու, միշտ ձգտելով լաւագոյնին, հպարտութիւն պատճառելով ե՛ւ իրենց ընտանիքներուն ե՛ւ ազգին։

2024-ի եւ 2025-ի մրցանակակիրները տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողաց հետ