Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

Հ. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ (ծնունդ՝ 6 Յուլիս, 1820)

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան՝ Մխիթարեան միաբանութեան ամենէն հռչակաւոր անուններէն մէկը, յայտնի եղած է իր քերթուածներով, ինչպէս նշանաւոր «Բամբ որոտան»ը, բայց նաեւ ու յատկապէս իր հայագիտական ծանրակշիռ աշխատութիւններով, որոնք Հայաստանի ու հայութեան մասին հսկայական տեղեկութիւններ ամբարած են։

Ծնած է Պոլիս, 6 Յուլիս 1820-ին, աւազանի անունով՝ Քերովբէ Ալիշանեան։ Զաւակն էր հնահաւաք դրամագէտի մը։

1832-ին, մուտք գործած է Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազարի վանքը (Վենետիկ) ու դասընթացքը աւարտած՝ 1841-ին։ Այս թուականին սկսած է Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի միաբանական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը։ Անմիջապէս նուիրուած է նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան, միաժամանակ աշխատակցելով 1843-ին ստեղծուած «Բազմավէպ» հանդէսին, որուն հիմնադիրներէն եղած է։

1848-ին նշանակուած է «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանի տնօրէն, միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»-ի խմբագրութիւնը։ 1850-1853-ին յատուկ առաքելութեամբ ճամբորդած է Եւրոպայի մէջ, ինչ որ առիթ տուած է իրեն զբաղիլ նաեւ հետազօտական աշխատանքով։ 1858-1861-ին վարած է Փարիզի «Սամուէլ-Մուրատեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը։ 1857-1858-ին «Նուագք» խորագրով խմբած է իր գրաբար քերթուածները, որոնք արդէն զինք նշանաւոր դարձուցած էին իբրեւ հայ վիպապաշտ բանաստեղծութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։ Գրաբար գրելով հանդերձ, Ալիշան հասկցած է աշխարհաբարով գրելով արժէքն ու կարեւորութիւնը, հակառակ նոր գրական լեզուի անբաւարարութիւններուն, ու գործեր հրատարակած է աշխարհաբարով, օրինակ՝ «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» (1870)։ 1872-ին լքած է կրթական ասպարէզը, մխրճուելու համար զուտ գիտական գործերու պատրաստութեան մէջ, որոնց նուիրած է իր կեանքին յաջորդ երեսուն տարիները Ս. Ղազարի վանքի իր աշխատասենեակին մէջ, մինչեւ վախճանումը՝ 22  Նոյեմբեր, 1901-ին։ Ստեղծած է աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր։

Ալիշանի կրթական եւ գրական գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն եւ կշիռ կը ներկայացնէ Մխիթարեան միաբանութեան 19-րդ դարու գործունէութեան մէջ, անկախաբար գրաբարով գրի առնուած ըլլալու իրողութենէն։

Հայագիտական աշխատասիրութիւններու իր կոթողական վաստակով, Ալիշան պատրաստած է Հայաստան աշխարհի եւ ստեղծագործ հայու հանրագիտարանը։ Հակառակ որ բնաւ տեսած չէ հայոց աշխարհը եւ հնարաւորութիւնը ունեցած չէ  ուղղակիօրէն ապրելու իր ժողովուրդի առօրեային մէջ, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուցած պատմական Հայաստանը։ Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ, «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» (1870), «Տեղագիր հայոց մեծաց» (1855), «Շիրակ» (1881), «Սիսուան» (1885), «Այրարատ» (1890), «Սիսական» (1893), «Հին հաւատք հայոց» (1895), «Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց» (1901), «Հայապատում» (1901), «Շնորհալի եւ պարագայ իւր» (1873), «Հայ բուսակ» (1895) եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան տուած է գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզբնաղբիւր դարձած պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։