Առաջնորդարանէն

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ԱՂԷՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Պետրոս Եպիսկոպոսի հետ, մօտէն հետեւելով Վենեզուելայի մէջ 24 Յունիսին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին կրած վնասներուն։

Սրբազան Հօր հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրաշարժը ահաւոր ու սարսափազդու ցնցում յառաջացուցած է, եւ նիւթական ու մարդկային վնասները մեծածաւալ են։ Ցարդ վախն ու անորոշութիւնը կը տիրեն ժողովուրդին մէջ։ Երկրաշարժին հետեւանքով, դժբախտաբար, երկու հայ ընտանիքներու տուները քանդուած են եւ կան քանի մը վիրաւորներ ու անհետ կորած հայորդիներ։

Սրբազան Հայրն ու վարչութիւնը մօտէն կը հետեւին ստեղծուած կացութեան հետեւանքներուն։

Ընդառաջելով Պետրոս Եպիսկոպոսի դիմումին, Ազգային Առաջնորդարանը հանգանակութեան ձեռնարկած է ի նպաստ երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել առցանց՝ https://armenianprelacy.org/venezuela-relief-donation-form/ հասցէին, կամ վճարագիր գրելով Armenian Apostolic Church of America-ի անունով։