Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, AGBU Magazine-ի վերջին թիւի վերջին թիւի անգլերէն յօդուածի մը մէջ (“AI: A Promise or a Threat”), կը քննէ արուեստական իմացականութեան դրական երեւոյթները եւ ընկերութեան զանազան բնագաւառներէն ներս անոր բերած օգտաշատ նպաստը, իսկ միւս կողմէն՝ անոր վտանգներով լեցուն եւ հետզհետէ ծաւալող ընթացքը: Նորին Սրբութիւնը յօդուածին մէջ արուեստական իմացականութիւնը դիտած է մարդաբանութեան եւ բարոյագիտութեան հայեցակէտով, յատկապէս անդրադառնալով անոր վտանգալից ազդեցութեան մարդ արարածի ինքնաճանաչողութեան եւ բարոյական արժէքներուն վրայ:
Յօդուածին ամբողջական բնագիրը կրնաք կարդալ այստեղ։