
News
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 3 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Առաջնորդարանի ու Հայաստանի Գրողներու Միութեան համատեղ կազմակերպած «Յանուն հայի յարատեւման» մրցանակի չորրորդ մրցանակաբաշխութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը 2023-ին հաստատած էր այս մրցանակաբաշխութիւնը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30-ամեակին առիթով։
Գրականագէտներէ ու քննադատներէ բաղկացած եօթը հոգինոց դատակազմը ընտրած էր լաւագոյն գործերը չորս դասակարգերու մէջ՝ բանաստեղծութիւն, արձակ, թատրերգութիւն եւ մանկապատանեկան գրականութիւն։ Արձակի դասակարգին մէջ, մրցանակակիր հանդիսացան Նորիկ Գասպարեան (Ա. մրցանակ), Հերմինէ Աւագեան ու Յասմիկ Կարապետեան (Բ. եւ Գ. մրցանակ), եւ Հրանուշ Սուքիասեան (յատում մրցանակ)։ Բանաստեղծութեան առաջին մրցանակը ստացաւ Վարդուհի Գէորգեան, որուն հետեւեցան Ռոբերտ Եսայեան (Բ. մրցանակ) եւ Ալիսա Բաղդասարեան (Գ. մրցանակ)։ Յատուկ մրցանակներու արժանացան Խաչիկ Մանուկեան եւ Հայկ Սիրունեան։ Թատրերգութեան մէջ, մրցանակակիր հանդիսացան Էլֆիկ Զոհրաբեան (Ա. մրցանակ), Յակոբ Ղասաբեան (Բ. մրցանակ) եւ Յովիկ Վարդումեան (Գ. մրցանակ)։ Մանկապատանեկան գրականութեան պարագային, յաղթողներ ճանչցուեցան Ռոլանդ Շառոյեան (Ա. մրցանակ), Պերճուհի Աւետեան ու Սաթենիկ Ղազարեան (Բ. եւ Գ. մրցանակ), իսկ Սերժ Մանուկեան ու Ալվարդ Յովսէփեան յատուկ մրցանակներ ստացան։
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին խօսք առին Գրողներու Միութեան նախագահ՝ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Պրն. Միլիտոնեան շնորհաւորեց մրցանակիցները եւ Գրողներու Միութեան խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հանդէպ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց մտաւորականներու խիստ անհրաժեշտ դերակատարութիւնը հայ մշակոյթի զարգացման հոլովոյթին մէջ, ներկայ սերունդին փոխանցելով Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականը ի խնդիր մեր ինքնութեան պահպանման։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ մտաւորականը հայ կեանքը կը դիտէ իր պրիսմակէն իր ամբողջութեան մէջ եւ կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին, անոր ներշնչելով կեանքը դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու ուժականութիւնը։
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ «Յանուն հայի յարատեւման» նոր հաւաքածոն, որ կը ներկայացնէ 2025-ին մրցանակի արժանացած հեղինակներուն գործերը եւ հրատարակուած է «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան կողմէ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։




