Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ 40-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Ձախէն աջ՝ 2026-ի շրջանաւարտներ Հրայր Եսայեան, Աւետիս Պէլ, Յովակ Գարամանուկեան, Նայիրա Քէշիշեան եւ Դաւիթ Յովհաննէսեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի եւ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի հետ։

Կիրակի, 5 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 40-րդ տարեշրջանի փակումը տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն եւ բարերարներուն։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հայր Սուրբի եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեան։ Պատրաստութիւնը ստանձնած էր Տիկնանց Միութիւնը, իսկ հովանաւորութիւնը՝  Հայ Օգնութեան Միութեան «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերը։

Այս տարուան լսարանը տեղի ունեցաւ «Շիլոհ» ճամբարին մէջ (Հիւիթ, Նիւ Ճըրզի), 35 աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Անձնակազմը բաղկացած էր 15 հոգեւորական ու աշխարհական դասատուներէ եւ օգնականներէ։ Չորս տարեշրջաններու ընթացքին,  20 ժամուան դասաւանդութիւնր շաբթուան մը երկայնքին կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթեր, ինչպէս Ս. Գիրքը, տօներն ու խորհուրդները, Նիկիոյ հանգանակը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, սուրբերու կեանքը, աղօթքներ, պաշտամունք եւ մերօրեայ երիտասարդութեան դիմագրաւած բարոյական հարցեր։  Դասաւանդութեան կողքին, ամէն օր մարզական խաղեր եւ ժամանցային պահեր կան, ինչպէս եւ առաւօտեան եւ երեկոյեան եկեղեցական արարողութիւններ։ Ծրագիրը ուղղուած է ընկերային կապերը ամրացնելու, քրիստոնէական համայնք մը կառուցելու եւ մասնակիցներու հաւատքը, նկարագիրը եւ հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը խորացնելու։

Այս տարի, լսարանի քառամեայ ընթացքը ամբողջացուցած հինգ աշակերտներ շրջանաւարտ դարձան. Աւետիս Պէլ, Յովակ Գարամանուկեան, Նայիրա Քէշիշեան, Դաւիթ Յովհաննէսեան եւ Հրայր Եսայեան։

Չորրորդ օրը

 

Հինգերորդ օրը

 
Վեցերորդ օրը

Կիրակի օր