Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ (մահ՝ 21 Յուլիս, 1992)

Յովհաննէս Զարդարեան ծնած է 7 Յունուար, 1918-ին, Կարսի արհեստաւորի ընտանիքի մը մէջ։ Փախուստ տալով օսմանեան բանակի ներխուժումէն, Զարդարեաններու ընտանիքը որոշ ժամանակ ապրած է Ռուսաստան՝ Կրասնոդար ու Արմաւիր քաղաքներուն մէջ, իսկ յետոյ հաստատուած է Թիֆլիս, ուր ապագայ նկարիչը աւարտած է եօթնամեայ դպրոցը եւ ապա ընդունուած տեղւոյն Գեղարուեստի Ակադեմիան։ Այնուհետեւ տեղափոխուած է Երեւան, 1933-ին ընդունուելով Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանը, զոր աւարտած է 1937-ին։ 1937-1941-ին ուսանած է Ռուսաստանի Գեղարուեստական Ակադեմիային մէջ։ Ուսումը ընդհատած է պատերազմին պատճառով։ 1942-ին անդամակցած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան։

Վերադառնալով Հայաստան, զբաղած է նկարչական բուռն գործունութեամբ։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք հայկական գեղանկարչութեան մէջ ի յայտ եկած նոր որակը մեծ չափով կապուած էր Զարդարեանի անուան հետ։ Ան ինքզինք դրսեւորած է բնանկարի, դիմանկարի, իրանկարի (still life) եւ խորհրդանշական-այլաբանական յօրինման տեսակներուն մէջ։ Զարդարեանի լաւագոյն դիմանկարներէն մէկը նուիրուած է Խաչատուր Աբովեանին՝ «Նախաշաւիղ» կտաւին մէջ (1948)։ Անոր գլուխ գործոցը կը համարուի «Գարուն» (1956) խորհրդանշական-այլաբանական յայտնի կտաւը, որ Ստալինի մահէն ետք «ձիւնհալ»ի խորհրդանիշն էր եւ որ նկարիչին համբաւ բերաւ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ, դառնալով խորհրդային կերպարուեստի լաւագոյն նմոյշներէն մէկը։ 1956-ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի եւ 1963-ին՝ ժողովրդական նկարիչի տիտղոսները։ Մինչ այդ, 1958-ին Խորհրդային Միութեան Գեղարուեստի Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է (1988-ին՝ իսկական անդամ)։ Արժանացած է նաեւ շքանշաններու՝ 1956-ին եւ 1978-ին։

1944-էն մասնակցած է խորհրդային, իսկ 1951-էն՝ արտասահմանեան բազմաթիւ ցուցահանդէսներու մէջ։ 1951-1959-ին դասաւանդած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ, եւ այնուհետեւ հեռացած է Երեւանէն, ապրած ու ստեղծագործած է Բիւրականի մէջ, ուր իր տուն-արուեստանոցը կը գտնուէր՝ աստղադիտարանի կողքին։ Որոշ ընդմիջումէ մը ետք վերադարձած է մանկավարժական գործունէութեան. 1969-1982-ին ղեկավարած է մանկավարժական հիմնարկի գեղանկարի եւ յօրինման ամպիոնը։

Յովհաննէս Զարդարեան մահացած է 21 Յուլիս, 1992-ին, Երեւանի մէջ։