Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ ՀՌՉԱԿԵՑ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարի ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։ Այս ծիրին մէջ, մեր թեմերէն ներս զանազան ձեռնարկներու ճամբով, տուեալ տարուան թեման դարձած է մեր ժողովուրդի զաւակներու ուշադրութեան յատուկ առարկան՝ վերաշեշտելով մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականը։
Մեկնելով Արցախին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութենէն, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով Արցախին շուրջ ստեղծուած մեր խոր մտահոգութենէն, Նորին Սրբութիւնը 2021 տարին հռչակեց «Արցախի տարի»։
Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը պիտի կարդացուի Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021ին, ինչպէս նաեւ նոյն եւ յաջորդ Կիրակի օրերը՝ մեր բոլոր թեմերէն ներս։
Յայտնենք, որ իբրեւ առաջին գործնական քայլ՝ հռչակագրին մէջ Արցախի ընտանիքներուն օժանդակելու կոչին, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ նոր տարուան առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու մնան տօնախմբութիւններէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը յատկացնեն Արցախի մեր մանուկներուն։