Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

 «ԵՓՓԱԹԱ» ԲԱՑՈՒԷ՛ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՆԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 5 Սեպտեմբեր

Այսօր, Աստուածամօր Վերափոխման հինգերորդ Կիրակի օրուան աւետարանական ընթերցումը Մարկոսի Աւետարանէն է՝ 7.31-37։ Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Տիւրոսէն ու Սիդոնէն անցնի Գալիլիոյ Ծովը եզերող Դեկապոլիսի (յունարէն՝ տասը քաղաք) շրջանը, ուր կը դիմաւորուի տեղւոյն ժողովուրդին կողմէ։ Շուտով Իրեն կը բերեն խուլ եւ համր մարդ մը, որպէսզի ձեռքը վրան դնելով բուժէ զայն։ Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ կը տանի, մատները անոր ականջներուն մէջ կը դնէ, յետոյ կը թքէ եւ կը դպնայ անոր լեզուին: Ապա, երկինք նայելով կը հառաչէ ու կ՛ըսէ. – Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»: Իսկոյն Տէրունական հրահանգը կը գործադրուի եւ ենթական կը լսէ ու կը խօսի։ Ժողովուրդը, զարմացած, կը բացագանչէ․ «Այս մարդը ամէն ինչ լաւ, բարի կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»:

Ինչպէս բոլոր հրաշքներուն, այս պարագային եւս մարդկային մտքի համար անբացատրելի կը մնայ ակնթարթային այս բուժումը, որ Աստուծոյ համար այնքան բնական երեւոյթ է։ Ուստի, անկախ հրաշագործութենէն, այս ընթերցումէն կ՚ուզեմ մեր առօրեային համար «զհաց մեր հանապազորդ»ը հայթայթել հետեւեալ չորս կէտերով։

ա․ Տիւրոս եւ Սիդոն՝ անցեալին Փիւնիկէի եւ ներկայիս Լիբանանի Սուր եւ Սայտա քաղաքներուն յիշատակումը, թանկագին տեղեկութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան տարածքի մասին։ Ճիշդ է որ այս պատումին կանխող հատուածին մէջ, փիւնիկեցի կին մը, երբ մեր Տիրոջմէ կը խնդրէ որ բուժէ իր դուստրը, ստորնացուցիչ պատասխան մը կը ստանայ, որ կը հաւատամ անոր հաւատքի խորութիւնը արտաբերելու նպատակաւ էր (Մկ 7.24-30), այնուամենայնիւ տարբեր առիթներով այդ քաղաքները իր այցը լաւագոյն գրաւականն էր, որ Ինք աշխարհ եկած էր ո՛չ միայն Իրենիններուն, այլ նաեւ հեթանոսներուն համար, որով Աւետարանը պիտի քարոզուէր աշխարհի չորս ծագերուն։

բ․ Արագ ակնարկ մը նետելով Քրիստոսի կատարած հրաշքներուն վրայ, դժուար պիտի չըլլայ եզրակացնել, որ Երկնաւոր Բժիշկէն հիւանդներուն փոխանցուող բուժիչ ոյժը առ հասարակ եղած է խօսքով եւ կամ դպչելով։ Այս պարագային, բացառիկ երեւոյթի մը կը հանդիպինք, այն է՝ լորձունքի գործածութիւնը, որ բժշկական աշխարհի մէջ ծանօթ է մարսողութեան եւ լպրծարկութեան յատկանիշերով։ Որքա՜ն բան ունինք սորվելիք ո՛չ միայն ի հոգեւորս, այլ նոյնիսկ մարդակազմութեան պարագային տիեզերքի մանրանկար հանդիսացող այս արարածին մէջ, որ Նոպէլեան մրցանակ շահող ֆրանսացի վիրաբոյժ եւ քիմիագէտ՝  Ալէքսիզ Քարէլի կողմէ կոչուած է  «Մարդը՝ այս անծանօթը»։ Մեր Տէրը երկու այլ պարագաներու եւս օգտագործած է լորձունքի բուժիչ յատկութիւնը (Մկ 8:23; Յհ 9:6), մինչ զԻնք չարչարող ու ծաղրող զինուորները կուրցած մոլուցքով թքեցին անոր վրայ։ Ներսէս Շնորհալի հայրապետ այս հակասութիւնը այնքան ճարտար կերպով կը նկարագրէ իր «Այսօր Անճառ» երգին «Ով կամաւ» տունին մէջ, զոր կ՚երգենք Աւագ Հինգշաբթի Խաւարման արարողութեան ընթացքին եւ այլ առիթներով։

գ․ Մեր Տէրը Յիսուս երկինք նայելով մեզի կը սորվեցնէ իր մնայուն հաղորդակցութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ։ Առ այդ, մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր աչքերը միշտ պէտք է յառենք երկինք՝ մեր Երկնաւոր Հօր, որուն հետ անկարելի ոչինչ կայ։ Մեր հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ աւելի հրամայական կը դառնայ մանաւանդ բացառիկ յաջողութեանց կամ նորարարութեանց պարագային, այլապէս Փորձիչը օգտագործելով առիթը մեր մէջ հպարտութեան եւ մասամբ նորին սերմերը կը ցանէ։

դ․ Հրաշքին ականատես ժողովուրդին սրտաբուխ բացագանչութիւնը, թէ այս մարդը ամէն ինչ լաւ, բարի կը կատարէ, բնական եւ հարազատ արձագանքն է արարչագործութեան սկզբնական արժեւորումին, թէ «Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է» (Ծն 1.3)։ Արարիչին էութենէն միայն ու միայն բարիք կը հոսի, որովհետեւ Ան սէր է։ Մեր մտքի հասողութենէն վեր է իմանալ Չարի սկիզբը, այնուամենայնիւ, երբ վստահինք Աստուծոյ որ ամենագէտ է եւ ստեղծագործութիւնը Իր հակակշռին տակն է, եւ անյապաղ ընդունինք ու հռչակենք Իր բարութիւնը, Ան մշտապէս կը նորոգէ մեր մէջ աստուածային պատկերը, որ շնորհեց մեզի անհուն սիրով, «մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան», ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս Առաքեալ (Եփ 4.13)։

Մեր առօրեայ հոգեւոր սնունդը ստանալով գերբնական բուժումի այսօրուան պատումին ընդմէջէն, ամենայն խոնարհութեամբ խոստովանինք Աստուծոյ պատուիրաններուն հանդէպ մեր խուլութիւնը, եւ արժանի ըլլանք երանաւէտ ձայնը լսելու՝ «Եփփաթա», եւ ձայնակցելով Սաղմոսասացին՝ «Տէ՛ր, եթէ շրթներս բանաս բերանս պիտի օրհներգէ Քեզ» (Սղ 51.15), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։