Featured, Առաջնորդարանէն

ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՊԸՐԹ ՄԵՆԷՆՏԷԶ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ուրբաթ, 13 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երկրորդ նիստի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Ս. Գրիգոր Լուսաւոիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) գլխաւոր սրահին մէջ։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն եւ ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, բացման խօսքը կատարեց, յայտարարելով ներկայութիւնը պատուոյ հիւրին՝ Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենէնտէզի, որ նաեւ ԱՄՆի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի ատենապետն է։ Յարգելի հիւրին կ՚ընկերանային իր շնորհալի կինը՝ Նատին, եւ վերջինիս դուստրը՝ Սապին։

Տիար Խաչատուրեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանին, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, Տիկնանց Միութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին, եւ Ազգային Վարչութեան ծրագրող յանձնախումբին, որոնց ջանքերուն շնորհիւ անթերի կերպով կազմակերպուած էր Երեսփոխանական Ժողովը։ Ան ներկաներուն յիշեցուց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքերը, թէ «անհրաժեշտ է մեր Թեմի հիմքերը ուժեղացնել վերանորոգումով, ներքին յարաբերութիւններու սերտացումով, երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիրներով, օգտագործելով լրասփիւռներու եւ արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները մեր ժողովուրդին հասնելու համար», եւ աւելցուց, թէ «յանձնախումբերու քննարկումները Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին՝ ռազմավարական ծրագրաւորման, համավարակէն ետք գործունէութեան շարունակութեան եւ մեր երիտասարդական հիմքի ընդլայնման մասին պէտք է ուժեղացնէ մեր յանձնառութիւնը ծառայելու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով»։

Պրն. Արամ Համբարեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն, ներկայացուց ծերակուտական Մենենտէզը, ընդգծելով անոր տասնամեակներու անխոնջ եւ անյողդողդ հայանպաստ գործունէութիւնը, ներառեալ՝ անոր հիմնական դերը 2020ին Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճանաչման մէջ։

Այս առիթով, տիար Մենենտէզ ստացաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Հայաստանի ոգի» (Spirit of Armenia) մրցանակը ձեռամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Բովանդակալից ճառով, մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանին, եւ վերահաստատեց իր մնայուն զօրակցութիւնը Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ։ (Ճառին ամփոփումը տե՛ս այստեղ)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց ծերակուտական Մենէնտէզի արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնառութեան ոգին, մատնանշեց, որ վերջին երեք տասնամեակներուն անձամբ վկայ եղած է Ծերակոյտէն ներս թէ Ապրիլ 24ի բոլոր ոգեկոչումներուն ընթացքին մեծարեալին ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքին եւ յայտնեց, թէ ծերակուտական Մենէնտէզի պէս անձնաւորութիւններ են, որ Միացեալ Նահանգները առաւել եւս պիտի զօրացնեն եւ դարձնեն ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան օրինակելի պաշտպան մը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, ծերակուտականին կինը՝ Լիբանան ծնած տիկ. Նատին Թապուրեանը, հայերէնով խօսք ուղղեց ներկաներուն։

Յայտագրի յաջորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց Ֆիլատելֆիայի համայնքի երեք անձնաւորութիւններ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանին  մատուցած իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։ Յաջորդաբար, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան ներկայացուց տիկ. Աստղիկ Գազանճեանը, որ ստացաւ «Բարի Սամարացի» գնահատագիրը։ Օր. Քարէն Ճիհանեան ներկայացուց պրն. Նուպար Մկրեանը, որ պարգեւատրուեցաւ «Առաջնորդարանի արծիւ» շքանշանով, եւ տիկ. Լուսինտա Իսթանպուլեան ներկայացուց տիկ. Սանտրա Սէլվէրեանը, որ մեծարուեցաւ «Զապէլ թագուհի» շքանշանով։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման աղօթքէն ու «Կիլիկիա»յի երգեցողութենէն ետք, անակնկալ կարկանդակ մը մատուցուեցաւ Ներսէս Աւագ Քահանային եւ երէցկին Նեկտարին՝ Տէր Հօր մօտալուտ հանգստեան կոչման առիթով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութիւնը։