Featured, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌԱՄԲ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը համբուրէ Ս. Միւռոնի կաթսան

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը, կատարուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ։

Ուրբաթ, 1 Յուլիսի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դուրս եկաւ Վեհարանէն գլխաւորելու եւ նախագահելու Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հայրապետական շքերթն ու արարողութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը տանող երկու հոգեւորականներ, Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ եւ միաբան հայրեր հանդիսաւոր թափօր կազմած հասան Մայր Տաճարի մուտքին բարձրացած Ս. Խորան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Բաբայեան եւ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Սրբազան արարողութեան ներկայ եւ աղօթակից էին զանազան եկեղեցիներու՝ Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ղպտի Ուղղափառ, Մարոնի, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատցեալ ուխտաւորներ։ Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղած էին Վեհափառ Հայրապետին:

Ուխտաւորներ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմէն

Միւռոնօրհնութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

Արարողութիւնը ընթացաւ աստուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներու կողմէ: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափարիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի հրաւէրով եպիսկոպոսներ հերթաբար Վեհափառ Հայրապետին յանձնեցին անուշաբոյր վարդի իւղն ու բալասանը, զոր յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Ս. Օծութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, ան նոր Միւռոնին խառնեց Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան։ Վերջապէս, միւռոնաթափ աղաւնիին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց եռամեծար հայրապետներուն ձեռքով պատրաստուած հին Միւռոնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջով օրհնեց Միւռոնն ու ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Բաբայեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնը փոխանցեց, իսկ ներկայ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ հայրապետական օրհնութիւններն ու սէրը։

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հոգեշունչ պատգամը յղեց բազմահազար ներկայ հաւատացեալներուն եւ ուղղակի հեռասփռումով՝ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն։

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ, այլ «Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք» Միաժամանակ, «մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով»։ Իր խօսքը շարունակելով, ան ըսաւ. «Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ՝ երկնային հրաւէր ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն»։ Հրաւէր է, որ անոնք հաւատարիմ մնան իրենց ճակատին վրայ «դրոշմուած Սուրբ Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին»։ Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Սրբալոյս Միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր։ Սրբալոյս Միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են։ Սրբալոյս Միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք»։ Պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք վերառաքեց ամենակալ Աստուծոյ՝ խնդրելով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները։

Ողջոյնի խօսքին մէջ, Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը յայտնեց, թէ հակառակ աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քրիտսոնեայ եկեղեցիները միասնաբար կը փորձեն դիմակայել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Վերյիշեց հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն ոդարաւոր յարաբերութիւնը, շեշտելով, որ Միւռոնի օրհնութեան այս արարողութիւնը առիթ կ՚ընծայէ վերանորոգելու երկու եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական ոգին։

Պատրիարքի խօսքէն ետք, պապական ներկայացուցիչը հաղորդեց Ֆրանսիս Պապի ողջոյնի խօսքը։ Պապը անդրադարձաւ Վատիկանի եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան եւ իր աղօթքը միացուց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդին։

Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկեան ուխտի» Հայրապետական մաղթերգերով։

Վեհարանի մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով օրհնեց հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդը։