ԲԱՐԵՍԻՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ՄԸ ԻՐ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԱՐՑԱԽԱԲՆԱԿ ՈՐԲԵՐՈՒՆ
Այս թիւը փակելու վրայ էինք, երբ մեծապէս խանդավառող լուր մը ստացանք։ Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարան «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը, իրեն յատկանշող լուռ ու արդիւնաշատ կեցուածքով, արդէն հովանաւորած 200 որբերու պատկառելի թիւին յիսուն հոգի աւելցուցած էր։ Այս գովելի որոշումով, ան ո՛չ միայն կը փակէր առկախ մնացած 35 արցախաբնակ երեխաներու՝ 2020ի պատերազմի նահատակներու որբերու ցանկը, այլեւ կանխաւ կը ստանձնէր հովանաւորութիւնը 15 ուրիշերու, որոնք ընդգրկուած են «Մեծն Ներսէս»էն ապագային մեզի հասնելիք ցանկի մը մէջ։
Կը յուսանք, որ ուրիշ բարեսիրտ հովանաւորներ, հին կամ նոր, փոքր կամ մեծ, քայլ մը առաջ պիտի երթան եւ իրենց բաժինը բերեն մեր ընդհանուր գործի յաջողութեան։
1993էն ի վեր, «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 3379 որբեր, ներառեալ այժմ հովանաւորուող 1346 որբերը, որոնք թէ՛ անչափահասներ եւ թէ՛ չափահաս ուսանողներ են։ Երախտապարտ ենք բոլոր հովանաւորներուն, որոնք տարեկան 250 տոլարի վճարումով ստանձնած են այդ պարտականութիւնը։ Այս գումարը ո՛չ միայն կը թեթեւցնէ որբին եւ իր ընտանիքին նիւթական հոգը, այլեւ կը բարձրացնէ անոնց բարոյականը։
Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։
Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսման հետեւող չափահաս որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։
Որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար, Առաջնորդարան կրնաք դիմել նաեւ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։