Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ (ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ)

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 13:1-11

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 7:31-37

Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլեայի լիճին եզերքը: Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ: Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին: Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ.

 

Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»:

 

Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ: Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն: Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին: Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ’ըսէին.

 

Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. Նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:4-16

Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ. մեծապէս հպարտ եմ ձեզմով: Մեր կրած բոլոր նեղութեանց մէջ ինքզինքս մեծապէս մխիթարուած եւ անսահմանօրէն ուրախ կը զգամ: Որովհետեւ Մակեդոնիա մեր հասնելէն ի վեր երբեք հանգիստ չունեցանք, այլ՝ ամէն կողմէ նեղութիւն: Մէկ կողմէ արտաքին թշնամիները կը նեղէին մեզ, իսկ ներքնապէս՝ մեր վախը: Բայց Աստուած, որ կը մխիթարէ սրտաբեկները, Տիտոսի գալովը մեզ մխիթարեց:

 

Ուրախացուցիչը միայն Տիտոսի գալը չէր: Ուրախացանք մանաւանդ, երբ լսեցինք թէ ի՛նչպէս գոհ մնացած էր ձեզմէ: Մեզի պատմեց՝ թէ անձկութեամբ կը սպասէք ինծի, թէ ո՛րքան ցաւած էք պատահածին համար եւ թէ ի՛նչպէս կապուած էք ինծի: Չէք կրնար երեւակայել որքա՜ն ուրախ եմ: Ճիշդ է որ նամակովս քիչ մը վշտացուցի ձեզ, բայց հիմա չեմ զղջար ըրածիս, թէպէտ գրելէս ետք զղջացեր էի. քանի կը տեսնեմ թէ այդ նամակս միայն կարճ ժամանակ մը վշտացուցեր է ձեզ: Ուրախ եմ հիմա, ո՛չ թէ ձեզ տրտմեցուցած ըլլալուս համար, այլ՝ որովհետեւ այդ տրտմութիւնը պատճառ եղաւ որ ձեր վարմունքը փոխէք: Եւ որովհետեւ ձեր տրտմութիւնը Աստուծոյ գործին ծառայեց, ես պէտք չունիմ այլեւս խստութեամբ գալու ձեզի: Աստուած երբեմն մեզ կը ցաւցնէ՝ ապաշխարութեան միջոցաւ փրկութեան առաջնորդելու նպատակով, որուն համար չենք զղջար բնաւ: Մինչդեռ աշխարհի ցաւը մահուան կ’առաջնորդէ: Արդ, տեսէք թէ Աստուծոյ պատճառած ցաւը ի՛նչպէս անտարբերութենէն դուրս բերաւ ձեզ եւ մղեց՝ որ դուք ձեզ արդարացնէք: Զայրացաք, տագնապեցաք, անձկութեամբ լեցուեցաք: Բայց յետոյ նախանձախնդրութեամբ վառեցաք եւ սխալը մէջտեղէն վերցուցիք, եւ ամէն կերպով ցոյց տուիք, թէ դուք յանցանք չունիք այդ խնդրին մէջ: Հիմա ըսեմ, թէ նախորդ նամակը գրելուս պատճառը միայն այդ յանցաւոր մարդը չէր, ո՛չ ալ անոր հայրը՝ որուն դէմ գործուեցաւ յանցանքը. այլ՝ որպէսզի յայտնուի այն հոգածութիւնը, որ փոխադարձաբար իրարու հանդէպ ունինք Աստուծոյ առջեւ: Ուստի մենք մեզ մխիթարուած կը զգանք:

 

Մեր զգացած մխիթարութեան վրայ Տիտոս աւելի՛ եւս ուրախացուց մեզ, ուրախութեամբ պատմելով՝ թէ ի՛նչպէս բոլորդ ալ գոհ ձգած էք զինք: Ձեզի համար պարծանքս յայտնած էի իրեն, եւ ամօթով չմնացի. եւ ինչպէս ձեզի խօսածներս բոլորը ճշմարիտ էին, նոյնպէս ալ Տիտոսի յայտնած պարծանքս ճշմարտուեցաւ: Գիտէ՞ք թէ որքան մեծ սիրով  Տիտոս կը խօսէր ձեր մասին. կը յիշէր՝ թէ ինչպիսի՜ երկիւղած յարգանքով ընդուներ էք զինք: Արդ, ուրախ եմ որ կատարեալ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ: