Featured, Առաջնորդարանէն

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ) ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

Կիրակի, 18 Սեպտեմբերին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ (Նիակարա Ֆոլզ, Նիւ Եորք) ծխականները վայելեցին վերանորոգման ու վերաշխուժացման սքանչելի առիթ մը, դիմաւորելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը եւ սրբալոյս նորոգ օրհնուած միւռոնը։ Սուրբ Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեան, եւ քարոզեց Սրբազան Հայրը։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին տեղի ունեցան Ջրօրհնէք եւ ռեհանօրհնէք։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ծխականներ, որոնք ժամանած էին Պաֆլոյէն եւ այլ շրջաններէ, ընկերային խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնախմբեցին Ազատ Հայաստանի անկախացման 31րդ տարեդարձը։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց աշխարհագրականօրէն մեկուսացած, սակայն հայ հաւատքի ու կեանքի հաւատարիմ  այս փոքր գաղութը, եւ ուրախութեամբ ողջունեց մանկահասակներու ներկայութիւնը, որոնք տոկուն վկայութիւն են գաղութի ապագային։

Տէր Զարեհ Ա․ Քահանայի «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ յիշատակելի այս օրը։