Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԴԱՒԻԹ ԱԹԹԱՐԵԱՆ (9 Նոյեմբեր, 1948 – 18 Դեկտեմբեր, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան պրն. Դաւիթ Աթթարեանի մահը՝ 77 տարեկանին, Նիւ Եորքի մէջ։

Դաւիթ Աթթարեան ծնած էր Պէյրութ, 9 Նոյեմբեր, 1948-ին։ Նուիրումով ծառայած է մեր համայնքին, ըլլալով Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծխական, ինչպէս եւ հոգաբարձու եւ ազգային երեսփոխան։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այրիին՝ տիկ. Տիանա Աթթարեանին, քրոջ ու ամուսնոյն՝ տէր եւ տիկ. Ռիչըրտ եւ Մարալ Գրիգորեանին, եւ քրոջորդիներուն։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։