Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը «հարազատօրէն կը ներկայացնէ մարդ-Աստուած յարաբերութիւնը իր բոլոր տարածքներով ու արտայայտութիւններով. այլ խօսքով՝ մեղաւոր որդին ու գթառատ հայրը, խաւարին մէջ մնացած մարդը եւ զինք իր երկնային լոյսին առաջնորդող Աստուած, չարի ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդը եւ իրեն փրկութիւն պարգեւող Աստուածորդին», կը գրէ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս հրատարակութեան նախաբաժին մէջ։
Այս աղօթքը բազմիցս հրատարակուած է։ Անթիլիասի մէջ կատարուած այս գողտրիկ վերահրատարակութիւնը կը ներկայացնէ վերապտումը Վենետիկի Մխիթարեաններուն կողմէ 1862ին տպուած հատորին, ուր ընդգրկուած է «Հաւատով խոստվանիմ»ը գրաբար բնագրով եւ 33 լեզուներու թարգմանութեամբ։
Reviews
There are no reviews yet.