Մեր ծուխերէն

ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ

Արժ. Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) հոգեւոր հովիւ, կը վարէ Կիրակնամուտքի արարողութիւնը Արա եւ Անի Մնացականեաններու օգնութեամբ, որոնք գեղեցիկ կերպով փոխասացութեամբ կարդացին սաղմոսները։ Այս արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ ամէն Շաբաթ օր, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին։