Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՆՈՅԵՄԲԵՐ Ժ. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 25:9-26

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 9:43-50

Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ.

Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:

Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ, կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին:

Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով, ըսաւ.

Ով որ այս մանուկը ընդունի իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:

Յովհաննէս ըսաւ.

Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:

Յիսուս ըսաւ.

Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է:

 

 

ՆԱՄԱԿ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-11

Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Քրիստոս Յիսուսի ծառաներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ, գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս: Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ’աղօթեմ, ուրախութեամբ կ’աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին: Եւ վստահ եմ, թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ: Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի: Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը:

Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի: