Մեր դպրոցներէն

«ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

Շաբաթ, 7 Յունուարին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը նշեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօները։

Առաւօտեան, աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու հիւրերը մասնակցեցան յատուկ արարողութեան եւ ստացան Սուրբ Հաղորդութիւն։ Այնուհետեւ,  վարժարանիս աշակերտներն ու աւելի քան 120 հիւրեր բարձրացան «Արամեան» սրահ, ուր ճաշկերոյթին յաջորդեց Կաղանդի հանդէսը։ Ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, ընտանեկան պարագաներ եւ հիւրեր։

Օրուան հանդիսավարներն էին «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներէն՝ Կարօ Դարբինեան եւ Պետիկ Զէյթունեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց եւ բացման աղօթքը կատարեց։ Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, բարձր գնահատեց տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, աշակերտներն ու ի մասնաւորի ծնողական միութիւնը։

Համա-տնօրէնուհի՝ տիկ. Լալա Աթթարեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով որ 2023 թուականը բարեբեր օրեր եւ խաղաղութիւն պարգեւէ հայութեան։ Ան յատկապէս գնահատեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն դերը եւ երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց բոլոր անոնց որոնք ամէն կերպով սատարած էին հանդիսութեան յաջողութեամբ իրականանայ։

Փրաւիտընսի «Արաքս» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ տիկ. Մանուշակ Գրիգորեան ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան նուէրներ յանձնեց ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան կողմէ

Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն մաս կը կազմէին արտասանութիւն (Պետիկ Զէյթունեան եւ Կարօ Դարբինեան), բարձր դասարանի «Մատուռ» ծրագիրը եւ երգեր, ղեկավարութեամբ՝ պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի։ Աշակերտութիւնն ու ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան։ Նուէրներու բաշխումէն ետք, Ծնողական Միութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Անի Տէտէեան յայտարարեց վիճակախաղերու եւ լռելեան աճուրդի արդիւնքները։

Համա-տնօրէնուհի՝ Տիկին Ճուն Մանկասարեան, փակման խօսքին մէջ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր ընտանիքներուն, որոնք իրենց պարտաւորութեան տէր՝ ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն, որպէսզի իրենց զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն