Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀՕՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 115-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 8 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Ճըրզի Սիթիի մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Սեղանի օրհնութենէն առաջ, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց այս մեծ կազմակերպութեան յոբելեանը։ Ան ըսաւ, թէ ՀՕՄ-ը, իր բարեսիրական նպատակէն վեր, ունի նաեւ կրթական, ընկերային եւ այլ առաքելութիւն, որոնց կը հասնի համահայկական տարողութեամբ, եւ աւելցուց, թէ ինչպէս Մայր Արաքսը կ՚ոռոգէ հայրենի աշխարհը, ՀՕՄը մայրական գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ 115-ամեայ իր խոր արմատներով եւ համայն աշխարհի մէջ տարածուած իր ճիւղերով կ՚արդիւնաւորէ հայ կեանքի բազմաթիւ երեսները։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) այցելու հովիւ։