Առաջնորդարանէն

Տ. ՀՐԱՆԴ ՔՀՆ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ

Չորեքշաբթի, 12 Մարտին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին երկրորդը։ Այս շարքը կը ներկայացուի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ։

Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, խօսեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ մկրտութեան հանգանակը» նիւթին շուրջ։ Այլ եկեղեցական աւանդութիւններու հետ բաղդատութիւն մը կատարելէ ետք, դասախօսը ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ հանգանակի զարգացումը եւ անոր տարբերակները դարերու ընթացքին։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Ըստ սովորութեան, յայտագիրը սկսաւ Հսկումի կարճ արարողութեամբ եւ վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ։

Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 19 Մարտին։ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէս Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածատին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, պիտի խօսի «Նիկիոյ հանգանակի պատմական շրջագիծը» նիւթին շուրջ։