Առաջնորդարանէն

ԵՐԿՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ուրբաթ, 11 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, ընդունեցին Լոս Անճելըսի «Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս» վարժարանի 8-րդ դասարանի 53 աշակերտները, իրենց վեց ուսուցիչներով եւ պատասխանատուներով, որոնք եկեղեցին այցելեցին իբրեւ մէկ մասը իրենց արտադասարանային ծրագրի դէպի արեւելեան շրջան ճամբորդութեան։ Անոնց կ՚ընկերանային Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի 8-րդ դասարանի 9 աշակերտները, դպրոցի ուսումնական պատասխանատու՝ տիկ. Հերա Մախուլեանի  հետ։

Տէր Մեսրոպ քահանայ բարի գալուստ մաղթեց ուրախութեամբ յայտնեց, թէ 15 տարիներէ ի վեր հաստատուած այս աւանդութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։ Ապա, Սրբազան Հայրը գնահատեց զոյգ դպրոցներու դաստիարակչական այս ծրագիրը եւ քաջալերեց, որ աշակերտները լաւագոյնս միշտ ծարաւի ըլլալով ուսման, լաւագոյնս օգտագործեն իրենց ուսման տարիները եւ այդ շրջանին ամբարած պաշարը լաւագոյնս կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։