ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ա. ՔՀՆ. ՊԱԼՃԵԱՆԻ 50-ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 3 Մայիսի երեկոյեան, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Boston Marriot Newton պանդոկի սրահին մէջ իւ պատիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի՝ պատուակալ հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Հայ Եկեղեցւոյ անոր յիսնամեայ ծառայութեան առիթով։ Ներկայ էր նաեւ երէցկին Շերըլ Պալճեան։
Բացման աղօթքէն ետք, հանդիսավար օր. Թամար Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի, անձնական խոհեր ներկայացուց՝ Տէր Հօր իր աշխատանքին ընդմէջէն։ Խօսք առին նաեւ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ, Պեքի Մկրտիչեան՝ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, եւ եկեղեցւոյ կից դպրոցներու տնօրէնուհիները՝ դոկտ. Կարինէ Փալանճեան (Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարան), Մայտս Մելքոնեան (Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարան) եւ Նայիրին Պալճեան-Պէլ (Ս. Ստեփանոս կիրակնօրեայ վարժարան)։ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Տէր Հօր որդին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը։
Մէսէչուսէթսի Ներկայացուցիչներու Տան յատուկ յայտարարութիւն մը, ուղղուած՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի, ընթերցեց նահանգային ներկայացուցիչ եւ Տէր Հօր զարմիկը՝ Տէյվիտ Գ. Մուրատեան։ Նշան Պալճեան (դաշնակ)՝ Տէր Հօր թոռը, գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուց, որմէ ետք յոբելեարին ծննդեան 75-րդ տարեդարձը նշուեցաւ յատուկ կարկանդակով։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տէր Անդրանիկին բոլոր ներկաներուն անունով՝ Տէր Հօր յիսնամեայ ծառայութեան համար, ու անոր յանձնեց յատուկ նուէր մը՝ 1956-ին շինուած եկեղեցւոյ բնօրինակ փայտեայ խորանի մէկ սալիկը, որ շրջանակի մէջ անցուած էր։ Սալիկը ճիշդ Տէր Հօր ոտքին տակ եղած է պատարագներու եւ խորհուրդներու ընթացքին։ Հոգաբարձութեան անունով նուէրներ յանձնեցին ատենապետ՝ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան եւ փոխատենապետուհի՝ Սոնիա Յակոբեան։
Իր փակման խօսքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ոգեկոչեց Դպրեվանքին մէջ իր անցուցած տարիները Տէր Անդրանիկի հետ եւ իրենց երկարամեայ բարեկամութիւնը։ Այս առիթով, անոր նուիրեց Նարեկի յայտնի ձեռագրի մը ֆաքսիմիլ օրինակը, որ պատրաստուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ։ Երեկոն փակուեցաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարած էր, թէ ամբողջ եկամուտը պիտի յատկացուէր եկեղեցւոյ։ Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ շնորհիւ հովանաւորներու, նուիրատուներու եւ ներկաներու առատաձեռնութեան, աւելի քան 40.000 տոլարի գումարը պիտի յատկացուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին ի պատիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի։