Featured, Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

2-3 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝  Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Արեւելեան Թեմի Կրօնական Ժողովը սարկաւագաց հսմագումար մը կազմակերպեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 45 սարկաւագներ հետեւեալ եկեղեցիներէն. Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս), Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս), Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք), Ամենայն Սրբոց եկեղեցի (Կլենվիւ, Իլինոյ), Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս), Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)։

Իր բացման ու փակման խօսքերով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց սարկաւագին դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Սարկաւագները տեսական եւ գործնական նիւթերով օժտուած ծրագրի մը հետեւեցան, որ նաեւ ունեցաւ աղօթքի պահեր ու ընկերային յարաբերութեան բաժին մը։ Դասախօսներն էին՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան (գործնական ծիսագիտութիւն, Ա. մաս), Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան (գործնական ծիսագիտութիւն, Բ. մաս), Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան («Սարկաւագը պատմութեան մէջ») եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան («Սարկաւագի դերն ու պատկերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ»)։ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան նաեւ մասնակցեցաւ սեմինարին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ հրամցուց աղօթքի պահերուն ընթացքին։

Այս համագումարին նման ձեռնարկներ հիմնական նշանակութիւն ունին մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծիսական կեանքը կենսաւորելու համար։ Անոնք ո՛չ միայն կը ծառայեն սարկաւագներու հասկացողութիւնը խորացնելու իրենց սրբազան պարտաւորութիւններուն հանդէպ, այլ նաեւ կը զարգացնեն հոգեւորականներու կապերը։

Դասախօսութեանց մաս կազմեցին նաեւ ժամերգութիւններ։ Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովի անդամները, որոնք Ուստըր կը գտնուէին հերթական ժողովի, մասնակցեցան Կիրակմուտքի արարողութեան։

Բոլոր ներկաները իրենց խորին գնահատանքը յայտնեցին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքի եւ հոգաբարձութեան ջերմ հիւրասիրութեան համար։