ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեանի այցելութիւնը։ Տեղի ունեցաւ մտքերու շահեկան փոխանակում մը միջազգային ներկայ վիճակին եւ Հայաստանի վրայ անոր ներգործութեան մասին։ Տեսակցութեան մասնակցեցաւ նաեւ Առաջնորդարանիս դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։