Մեր ծուխերէն

ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Չորեքշաբթի, 14 Մայիսին, Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի (Մոնթրէալ) շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները,  փոխտնօրէնուհի Մարիքա Լանկլուայի եւ իրենց ուսուցիչները այցելեցին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, աշակերտները ընդունեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝  Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Տէր Հայրը անոնց ուղեցոյցը եղաւ, պատմական հետաքրքրական փաստերու յիշեցումով։ Աւարտին, Տ. Մեսրոպ Քահանայ եւ այցելուները միասնաբար աղօթեցին եկեղեցւոյ մէջ։