ՀՈԳԵԻՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 28 Մայիսին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, տեղի ունեցաւ Թեմիս հոգեւորականաց համագումարը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Բացման աղօթքէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հոգեւորականներուն, արդիւնաբեր հաւաքի մը մաղթանքով, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան իրենց հիւրասիրութեան համար։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, իսկ ատենադպիր՝ Վահան Քհն. Գույումճեան։ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան ուղերձը, ուղղուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հայրերուն։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ աւանդութեան կարեւորութեան մասին, գնահատեց հովուապետական այցերու ընթացքին տարուած հովուական եւ վարչական աշխատանքները, եւ յիշեցուց, որ Անթիլիասի Մայրավանքը մեր բոլորին հոգեւոր կեդրոնն է։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրուան խօսքին մէջ առանձին ուշադրութիւն դարձուց հոգեւորականաց դասուն մէջ բանիւ եւ գործով ստեղծուած սիրոյ մթնոլորտին, եւ բարի գալուստ մաղթեց Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանին, որ մեծ խանդավառութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հովուական պաշտօնին գլուխը անցած է, ինչպէս եւ Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոսին, որուն ներկայութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) ծուխին։ Վերջապէս, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Հրանդին որպէս հիւրընկալ հովիւ։
Օրուան բանախօսն էր Արժպ. Տ. Շնորհք Քհն. Սուինը, որուն նիւթն էր «Մահամերձ եւ ծանր հիւանդներու հոգեւոր առաքելութիւն հիւանդանոցներու մէջ»։ Առաջին մասը միայն դասախօսութիւն էր, իսկ երկրորդ մասը՝ գործնական օրինակներու քննարկում եւ կարծիքներու փոխանակում, մտերմիկ հոգեւոր մթնոլորտի մէջ։
Դասախօսութենէն ետք, հովուական կեանքի փորձառութիւններու եւ հարցերու քննարկում տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու միջեւ։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Գերշ. Տ. Խորէն Արք. կատարեց օրուան խորհրդածութիւնը։
Հինգշաբթի առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, այցելեց Մաունթ Օպըրն գերեզմանը, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարելով Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախկին հովիւ՝ հոգելոյս Տ. Թորգոմ Ա. Քհն. Յակոբեանի եւ երէցկին Զուարթի շիրիմին առջեւ, ի ներկայութեան Տէր Հօր հարազատներու։ Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը, ամփոփ գիծերու մէջ նկարագրելով հոգելոյս Տէր Հօր ծառայութիւնը երիտասարդ սերունդի հովիւներուն, յայտնեց, թէ ներկայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համայնքը շատ բան կը պարտի Տէր Հօր անձնդիր, բոլորանուէր 33-ամեայ ծառայութեան (1962-1994)։ Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ այսուհետեւ ամէն տարի Երեսփոխանական Ժողովներու առթիւ, ժողովին մասնակցող հոգեւորականները պիտի այցելեն շրջանի գերեզմանատան մէջ թաղուած հոգեւորականներու շիրիմները։