Առաջնորդարանէն, Լուրեր

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

10 Յունիսին, Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Թեմը համերգ մը կազմակերպած էր ի պատիւ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսի տօնին առիթով Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով, համերգին ներկայ էր Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ։