Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ մօտէն կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած ծանօթ կացութեան։ Ան իրեն այցելած եւ իր հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատած հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն յայտնեց, թէ ներկայ կացութիւնը, ներքին թէ արտաքին, ահաւոր վտանգներու դիմաց կրնայ դնել Հայաստանը եւ զայն առաջնորդել անդառնալի իրավիճակներու.
«Անհրաժեշտ է, որ մեր գերագոյն ճիգը թափենք՝ առաջքը առնելու նման վտանգալից պայմաններու յառաջացման: Եկեղեցին, իր կարգին, կոչուած է իրեն առնչուած հարցերը քննել եւ համապատասխան լուծումներ որոնել, ինչպէս պետութիւնը, իր կարգին, իրեն հետ աղերս ունեցող հարցերուն պէտք է մօտենայ համապատասխան կերպով՝ հեռու մնալով առաւել բարդութիւններ ու բեւեռացումներ ստեղծող քայլերէ: Հարկ է յարգել պետութեան օրէնքները, միաժամանակ՝ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, եւ իր հարցերը ներքին ճամբով քննելու իրաւունքը: Անհրաժեշտ է մանաւանդ հեռու մնալ այնպիսի լեզուի ու ոճի գործածութենէ եւ մօտեցումներէ, որոնք չեն համապատասխաներ մեր հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն ու արժեչափերուն: Հետեւաբար, ներկայ բարդ իրավիճակէն դուրս գալու առաջին հանգրուանը պէտք է ըլլայ դադրեցնել ամէն տեսակ հրապարակային արտայայտութիւններ։
Նաեւ ցաւով իմացանք պետական իրաւապահ մարմիններու ոյժերուն Սուրբ Էջմիածին մուտքի եւ հոն ստեղծուած անընդունելի կացութեան մասին: Մենք կը դատապարտենք նման քայլեր: Անհրաժեշտ է յարգել մեր սրբավայրերը՝ երկիւղած մօտեցումով: Նաեւ կոչ կ՚ուղղենք պետական պատկան մարմիններուն, ձերբակալութիւններու արշաւը դադրեցնելու եւ հանդարտամտութեամբ մօտենալու հակաօրինական նկատուող կացութիւններու ու պարագաներու»:
Ներկայ բարդ կացութենէն դուրս գալու եւ, որպէս առաջին քայլ, հրապարակային յայտարարութիւնները դադրեցնելու գծով Վեհափառ Հայրապետը իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու, բնականաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութեան հետ, որպէսզի կարելի դառնայ յառաջիկայի նոր բարդութիւններու առաջքը առնել եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ հարցերու լուծման ճամբաներ որոնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ:
Այս ուղղութեամբ, Շաբաթ, 28 Յունիսին, Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Ս. Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ, որուն հաղորդեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտահոգութիւնները եւ այս իրավիճակէն դուրս գալու անոր պատկերացումները։ Անոնք միաժամանակ լսեցին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մտահոգութիւններն ու տեսակէտները։
Երկու Սրբազան Հայրերը, յանուն Վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, շեշտեցին Հայ Եկեղեցին ամուր ու կազմակերպ պահելու հրամայականը իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան մէջ։