Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ

6 Յուլիսէն մինչեւ 13 Յուլիս, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը իր հերթական ծրագիրը գործադրեց Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ։

Տեսչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծրագրի դասատուներուն ու խորհրդատուներուն, որ սիրայօժար դասաւանդեցին եւ ընդհանրապէս օգտակար եղան այս ծրագրի յաջողութեան։

Այս տարի, լսարանի ուսուցչակազմին մաս կը կազմէին Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (տեսուչ), Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան, Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Արժպ. Տ. Ստեփան Պալճեան, Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան (Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն), Կարապետ Սրկ. Պալեան, երէցկին Մակի Գույումճեան, Նայիրի Պալճեան-Պէլ եւ Անոյշ Գույումճեան։ Խորհրդականներն էին՝ Յարութ Սրկ. Թագւորեան, Յովիկ Սրկ. Չափանեան, Յակոբ Սրկ. Քէչէճեան, Նշան Գույումտեան, Թալին Լագիսեան, Թամար Լագիսեան, Աննա Թէքէեան եւ Մարինա Թէքէեան։

Լսարանը երախտապարտ է այն ծուխերուն, որ ծախսերուն մէկ մասը ծածկեցին՝ կրթաթոշակներով ապահովելով կարգ մը եկեղեցւոյ ծառաներու մասնակցութիւնը, ինչպէս եւ հետեւեալ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն իրենց նիւթական աջակցութեան համար. Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք), Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութիւն, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն (Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  Տիկնանց Միութիւն (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղ (Նիւ Եորք), ՀՕՄ-ի «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղեր (Նիւ Ճըրզի), ՀՕՄ-ի «Արտեմիս» մասնաճիւղ (Փէնսիլվէնիա), Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. եւ երէցկին Մակի Գույումճեան, Բարշ. Յովիկ Սրկ. Չափանեան, դատաւոր Տէյվիտ եւ տիկ. Սիւզըն Էրիքսըն, տէր եւ տիկ. Ճէյմզ եւ Նայիրի Պէլ, օրդ. Թամար Լագիսեան, Lockie Bus Company, տոքթ. Ալթա Միքայէլեան, տէր եւ տիկ. Պետրոս եւ Լիզա Եսայեան։

Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանին, եւ հոգաբարձութեան, Կիրակի, 13 Յուլիսին մատուցուած հիւրընկալութեան համար։

«Տաթեւ» հիմնադրամը, իր կարգին, լսարանի ծախսեր հոգաց եւ քանի մը կրթաթոշակներ հայթայթեց։ «Տաթեւ» հիմնադրամին նուիրատուութիւն ընել փափաքողները կրնան իրենց վճարագիրները ղրկել Ազգային Առաջնորդարանին՝  Datev Institute-ի անունին։

Աշակերտներու տպաւորութիւնները կարդալու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Լսարանի լուսանկարներու ալպոմը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։