ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ «ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ» ՎԻՊԱԿԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, իտալահայ ծանօթ արձակագիր Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» նորատիպ վիպակին ներկայացումը տեղի պիտի ուննայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Գիրքը իտալերէնէ հայերէնի թարգմանած է Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ պիտի կատարէ ներկայացումը։
Վիպակը կը ներկայացնէ մեր մշակոյթի պատմութեան խորհրդանիշի մը՝ 13-րդ դարուն ընդօրինակուած «Մշոյ ճառընտիր»ի փրկութեան դրուագը Մեծ Եղեռնի օրերուն։ Երկու կիներու ջանքերուն շնորհիւ, ծանր ձեռագիրը փրկուած ու հասած է Արեւելեան Հայաստան։ Անթոնիա Արսլան պատմութեան ժլատ տողերը ճարտար գրիչով ու գեղեցիկ մշակումով վերստեղծած է։ Հատորը ունեցած է իտալերէն երեք տպագրութիւններ եւ արդէն թարգմանուած է անգլերէնի ու արեւելահայերէնի։