News
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 4 Յունուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հանդիպեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ եւ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ։
Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Լուիզ Քանեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեց 750 տոլարի նուիրատուութիւն մը աշակերտներուն անունով, ի պատասխան Ս. Ծննդեան հանգանակութեան կոչին ի նպաստ Լիբանանի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան։