News
Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՈՒՈՔԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 4 Յունուարին, Արժպ. Տ. Տարօն Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ այցելու հովիւ, Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Ծննդեան առիթով եւ Ջրօրհնէք կատարեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոքիկըն, Իլինոյ)։ Ջրօրհնէքի կնքահայրն էր դպիր Պրեթըն Զաւէն Պօուլս։ Այնուհետեւ, ծխականները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթին, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Միութեան, որուն ընթացքին տօնուեցաւ Տէր Հօր 70-րդ տարեդարձը։