News
ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՄԱՏԻՏԸ
Հակառակ գրիչներու, համակարգիչներու եւ բջջային հեռաձայներու մրցակցութեան, համեստ մատիտը դեռ իր ուրոյն եւ անհրաժեշտ տեղը ունի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, դասարանէն մինչեւ վճարագրերու տետրակը եւ մինչեւ գրասենեակը։
Մատիտներու զանգուածային արտադրութիւնը սկսած է 17-րդ դարուն Գերմանիոյ մէջ, եւ մերօրեայ աշխարհահռչակ մակնիշները (բrand) ծագում առած են 18-րդ եւ 19-րդ դարուն։
Հին ժամանակներուն, փոքրիկ վրձիններ կը գործածուէին գրելու համար, եւ միջնադարեան լատիներէն pincellus բառը, որուն նշանակութիւնն էր «ներկարարի վրձին», հին ֆրանսերէնին անցած է pincel ձեւով եւ «արուեստագէտի վրձին» իմաստով։ Միջին անգլերէն լեզուն բառը փոխ առած է pencel ձեւով եւ նոյն իմաստով։ Հետագային առած է իր արդի իմաստը՝ pencil ձեւով, երբ գրաքարի (graphite) կտորներ սկսած են օգտագործուիլ 16-րդ դարու Անգլիոյ մէջ իրերու վրայ նշումներ ընելու համար։
Հայերէն մատիտ բառը բոլորովին տարբեր աղբիւրէ մը եկած է։ Բառը չկայ հին կամ միջնադարեան գրականութեան մէջ, եւ ընդգրկուած չէ «Հայկազեան լեզուի բառգիրք»ին (1769) կամ «Նոր հայկազեան լեզուի բառգիրք»ին (1837) մէջ։ Ըստ երեւոյթին, երկուքին միջեւ շրջանառութեան մէջ մտած է «կապարեայ գրիչ» բառակապակցութիւնը, որ վերջինիս մէջ ընդգրկուած է կապար բառին տակ՝ թրքերէն քուրշուն քալեմ եւ իտալերէն lapis բառերով։
Մինչ այդ, սակայն, անյայտ մէկը, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ մը, փոխ առած էր իտալերէն matita բառը, որ lapis-ի հոմանիշ մըն էր։ Երկու բառերը՝ matita եւ lapis, լատիներէն lapis haematites («արիւնաքար») բառէն կու գան։ Գրաքարէն առաջ, արիւնաքարի ձողերը երբեմն օգտագործուած էին իբրեւ մատիտ։
Այս փոխառութիւնը տեղի ունեցած է 1816-էն առաջ, երբ «աշխատասիրութեամբ աշակերտաց մեծի Մխիթարայ աբբայի», բայց ո՛չ թէ Վենետիկի, այլ Վիեննայի մէջ լոյս տեսած «Համառօտ քերականութիւն գաղղիական լեզուի» հատորի յաւելուածներէն մէկուն մէջ տպուած է ֆրանսերէն հիմնական բառերու ցանկ մը, ուր կը գտնենք crayon («մատիտ») եւ համապատասխան հայերէն մատիտ եւ թրքերէն քուրշուն քալեմ բառերը։
1835-ին, Վենետիկի միաբանութեան աբբահայր Հ. Սուքիաս Սոմալեան, անգլերէն ու հայերէն լեզուներու գրպանի բառարան մը հրատարակած է, ուր անգլերէն crayon բառը թարգմանուած է իբրեւ մատիտ եւ գրիչ կապարեայ։ Ի դէպ, հոս նաեւ կը գտնենք pencil բառը, բայց հայերէն թարգմանութիւնը գրիչ կապարեայ է միայն, մատիտ բառը չկայ։ Վերջինս իրերայաջորդ երկլեզու բառարաններու մէջ աստիճանաբար մտած է, եւ 1875-ին, Հ. Մատաթիա Պետրոսեան, ուրիշ վենետիկցի Մխիթարեան մը, մատիտ-pencil զոյգը ներմուծած է իր հայերէն-անգլերէն բառարանին մէջ, ուր նաեւ մատիտակալ բառը ընդգրկած է «մատիտի տուփ» (pencil case) իմաստով։
Ու այսպէս մատիտ բառը լրիւ հայկական դիմագիծ ստացած է մինչեւ օրս։